2013-10-07 12:30:41

Վարագավանքի Ս. Խաչէն` Դանիէլ Վարուժանի «Սուրբ Խաչին»…
Մեսրոպ Հայունիի Կիրակնօրեայ Խորհրդածութիւնը


Սիրելի՛ ընթերցող, մեր Ս. եկեղեցին կատարեց երէկ «Տօն Վարագայ Սրբոյ Խաչին»: Զուտ հայադրո՛շմ տօն ու հայավարի՛ տօնախմբում:
Եօթներորդ դարուն կէսին պատահած տեսիլի մը հրաշապատում է, որուն համաձայն, Թոդիկ ճգնաւորը տեսաւ տասներկու լուսասիւներէ բոլորուած սեռակնաձեւ լուսաշողում մը Վանի Վարագայ լեռներուն «Գալիլիա» սարին վրայ:
Ս. Գայանեանց կոյսերէն Ս. Հռիփսիմէ գեղուհին, հալածանքի պատճառով հապշտապ աճապարանքի մատնուած, վիզէն կախած իր ձեռակերտ խաչը յանձնեց լեռնային թաքստոցներուն մէջ ճգնած մենակեացներուն:
Քարայրներէն մէկուն մէջ պահուած նուիրական մասունքը մոռացումի եւ կորուստի մատնուեցաւ ժամանակի ընթացքին: Ժողովուրդին աղօթական յիշողութեան մէջ, սակայն, ան մնաց կենդանի: Նոյնպէս, հոն ապրած ճգնաւորները գիտէին, թէ անծանօթ անձաւներէն մէկուն մէջ թաքնուած է 301-ին նահատակուած կոյսին խաչը: Այսպէս, երեքուկէս դարեր, մինչեւ 653 թուականը, երբ դիպեցաւ խաչալոյսին տեսիլը:
Լուսավայրը հազիւ հասած` Թոդիկի հիասքանչ աչքերուն դիմաց լուսաւորութիւնը տեղափոխուեցաւ Վարագավանքին խորանին վրայ, ուր մնաց տասներկու օրեր, որոնց ընթացքին հեռաւոր շրջաններէն բազմութիւններ փութացին հոն` երկրպագելու համար լուսաճաճանչ «Վարագայ Ս. Խաչ»-ին:
Նաեւ սրբատեղին հասաւ Ներսէս Գ. Շինող (641-661) Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, որ հոգեզմայլ տեսիլքէն առինքնուած` յօրինեց շատ իմաստագեղ շարականը «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ քով, Քրիստոս» սկզբնաբառերով: Տնօրինեց շաբաթական աղօթքն ու պահեցողութիւնը, ինչպէս ալ` տարեկան տօնախմբութիւնը: Ապա տասներկու լուսեղէն սիւներուն տեղին վրայ կառուցանեց «Ս. Նշան» եկեղեցին:
Հայ ժողովուրդը համարեա հեղձամահ պատմական դէպքերու յորձանուտին մէջ` մեծ կարիքն ունէր ներքին հզօրացումի` խարսխուած հաւատքին, յոյսին ու հոգեկան ուժականութեան մէջ, որուն համար, տոհմային աւանդութեան համաձայն, անոր տրուեցաւ ապահովութեան, լոյսի, յաղթութեան ու փառաւորութեան գրաւականը. «Ո՜վ Քրիստոս, նշանով` Քու ամենայաղթ խաչովդ պահպանէ՛ մեզ աներեւոյթ թշնամիէն, Մարդասէ՜ր, որովհետեւ Դուն ես փառքի Թագաւորը` օրհնուած յաւերժօրէն»:
Երէկ` կիրակի, սեպտեմբեր 29-ին, հրաւիրուեցայ խօսելու Հայոց ցեղասպանութեան մտաւորական զոհերէն մեծագոյնին` Դանիէլ Վարուժանի (1884-1915) մասին: Ընտրած նորալուր նիւթովս շօշափեցի նահատակ բանաստեղծին հոգեւորութիւնը բացայայտող քանի մը տուեալներ: Անոնցմէ էր գիտակից յիսուսասիրութիւնը հանճարեղ քերթողին:
Շատ հակիրճ վերլուծումներս բարեպաշտիկ յերիւրանքներ չէին, ո՛չ ալ` փրցուած վարկածներ, այլ` միայն տեսակէտներ, տեսութիւններ եւ եզրայանգումներ` փաստուած Դ. Վարուժանի գրականութենէն` ըլլայ այդ արձակ, քերթուած, տարբերակ ու նամակ:
Նորասաց տեսակէտներու, տեսութիւններու եւ եզրայանգումներու համառօտ ներկայացումն ըրած էի արդէն 1996-ին` «Դանիէլ Վարուժան` երգի՛չը յաւերժութեան…» երկիս տպագրութեամբ, որուն 2015-ին կը յաջորդէ «Դ. Վարուժանի հոգեկանութեան ծիրէն ներս» աղբիւրագիտական մօտեցումով իմ վերլուծական ուսումնասիրութիւնս:
Եւ քանի հայագեղ լուսախաչին տօնն էր երէկ, արդ կ՛անդրադառնամ Վարուժանի խաչափառ հանգանակէն միայն քանի մը խոհերուն մասին, որոնք կ՛արտայայտեն իրենց հեղինակին պայծառ եւ պայծառացնող հոգեկանութիւնը:
Անկասկած որ Դ. Վարուժան կը հաւատայ Քրիստոսին, որուն «Յիսուս» անունը ամէնէն ստէպ կիրարկուած յատուկ անունն է վարուժանեան ստեղծագործութեան մէջ: Կը դաւանի եւ կը սիրէ Յիսուս Քրիստոսը` Աստուածն ու Մարդը:
Բանաստեղծին սահմանումը յստակ եւ ամենասաց է. «Սէրն, որ հոս Կոյսն է, երկնքի մէջ` Աստուած», Յիսուս Քրիստոս Աստուածամարդը, որուն անունին համապատասխան եւ Դ. Վարուժանի ուղիղ տեսութեամբ` Ան է Փրկիչը մարդկութեան: Իբրեւ այսպիսին` Յիսուս է «Արեւն ինքնագոյ, մեծ Սէրը, Խաղաղութիւնը, Խոհանքը, Գիտութիւնը, Անմեղը, երկինքի Մարդը»:
Յիսուսի նկատմամբ Դ. Վարուժանի համարումը, յոյսը, սէրն ու Անոր հետեւելու վճռակամութիւնը անհերքելիօրէն կ՛արտացոլայ «Խաչին» կամ «Սուրբ Խաչին» քերթուածը: Հայ գրականութեան մէջ, աշխարհական գրողէ մը հեղինակուած եւ Խաչեալին կամ Խաչին ուղղուած, այս տասնութ տուներէն բաղկացած գեղօնէն աւելի բովանդակալից, գեղեցիկ, վեհիմաստ երգ-աղօթք մը կա՞յ: Ինծի անծանօթ է:
Սրտայոյզ մենախօսութիւնն է խաչելութեան հետ: Նաեւ` աղօթք, յատկապէս` թիւ մէկ, երկու, հինգ ու վեց քառեակները: Կայ թռիչք, ապա` խոհ, անկեղծութիւն, սէր, կորով, սրտբացութիւն, պահանջ-խնդրանք, հաւատք, առաջադրանք, գործադրում, ջերմութիւն, յօժարութիւն, ինքնաճանաչում, ակնկալութիւն, տենչանք:
Խաչը, զոր մեր քերթողը նորարար յորջորջումով կը հռչակէ «երկինք վարդերանգ» եւ «սուրբ անկողին… արեւուն ինքնագոյ», կը թօթափէ իր վրայէն «անարգանքները դարերուն» շնորհիւ «Անեղին» արիւնին:
Խաչին տիեզերականութիւնը պանծացնող սա վարուժանեան տունէն աւելի շանթահարիչ քառեակ մը չկայ հայ քերթողութեան մէջ: Առաւել, չորրորդ տողին վերջին խօսքը զգլխիչ է իր սիրոյն համայնական եւ ուժական տարողութեամբ.
«Այսօր կ՛իշխես մէկ բեւեռէն մինչեւ միւս.
Փառքիդ դրօշակը չորս հովեր կը յուզեն.
Հովանիէդ, օր մը, հիւլէ մը իսկ դուրս
Պիտի չմնայ: Մարդիկ Քեզմով պիտ՛ սիրեն»:







All the contents on this site are copyrighted ©.